2014-10-11 08:36:53

2014-ի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը պիտի շնորհուի` Քայլաշ Սաթիարթհիին եւ Մալալա Եուսուֆզային:


(Ռ.Վ. 11 հոկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 10ին, յայտարարուեցաւ, թէ այս տարուան Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը պիտի շնորհուի երեխաներու իրաւանց համար պայքարած Քայլաշ Սաթիարաթիին (Հնդկաստան) ու Մալալա Եուսաֆզային (Փաքիստան)։
Յայտնենք որ Եուսուֆզայ 2013-ին արժանացած էր Սախարովի անուան մրցանակին: Իր պլոկին մէջ ան քննադատած է Թալեպան շարժումը եւ զօրակցած կիներու` կրթութիւն ստանալու իրաւունքին:
Մինչ Սաթիարթհի հիմնած է ''Պաչփան Պաչաօ Անտոլան'' կազմակերպութիւնը, որ իր գործունէութեան գրեթէ 15 տարիներուն ընթացքին տարբեր տեսակի ստրկութիւններէն ազատած է աւելի քան 80 հազար երեխայ, ապա անոնց օգնած յաջողութեամբ վերականգնելու եւ կրթութիւն ստանալու:
Նշենք թէ Գրականութեան մրցանակին արժանացած է ֆրանսացի գրող Փաթրիք Մոտիանօ, որուն գործերուն մեծամասնութիւնը հիմնուած է անոր կեանքին եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն Ֆրանսայի շրջափակման ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն վրայ:
Քիմիագիտութեան մարզին մէջ մրցանակի դափնեկիր դարձած են Էրիք Պեթսիկ, Սթեֆըն Հել եւ Ուիլեըմ Մերներ, իսկ բնագիտութեան մարզին մէջ՝ Իսամու Աքասաքի, Հիրոսի Ամանօ եւ Սիուճի Նաքամուրա: Բժշկութեան մարզին մէջ մրցանակի արժանացած են Մայ Պրիթ եւ Էտվարտ Մոզըր ամոլն ու Ճան Օ՛քիֆ:
Պարգեւատրման արարողութիւնը, ըստ աւանդութեան, տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 10ին՝ մրցանակի հիմնադիր շուէտացի գիտնական Ալֆրետ Նոպէլի մահուան օրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.